2014-05-13 13:59:41

Ոչ եւս է Վենետիկի երբեմնի Պատրիարք` Կարտինալ Մարքօ Չէ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ցաւակցական հեռագիրը։


Վենետիկի երբեմնի Պատրիարք` Կարտինալ Մարքօ Չէ իր մահկանացուն կնքեց երկուշաբթի 12 մայիսի երեկոյեան ժամը 20,15-ին, 89 տարեկանին։
Ան ծնած էր 8 յուլիս 1925-ին, Քրէմայի թեմին մէջ։ Աստուածաբանական եւ փիլիսոփայական ուսմունքը աւարտելէ ետք քահանայ կը ձեռնադրուի 27 մարտ1948-ին։ 1970-ին Պօղոս Զ երջանկայիշատակ քահանայապետը զինք եպիսկոպոս կ՛ընտրէ եւ 1978-ի դեկտեմբեր 7-ին զինք կը նշանակէ Վետետիկի Պատրիարք` ու յաջորդ տարին, 30 յունիս 1979-ին, անոր կը շնորհէ Կարտինալական տիտղոսը։ 2002-ին, 23 տարիներ ամբողջ կառավարելէ ետք Վենետիկի Պատրիարքութիւնը` Կարտինալ Չէն իր հրաժարականը կը ներկայացնէ շարունակելով իր ծառայութիւնը մատուցել Պատրիարքութեան եւ թեմին։
Ի լուր անոր մահուան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցական հեռագիր մը ուղղեց Վենետիկի ներկայ Պատրիարք` գերապայածառ Ֆրանչէսքօ Մորալիային որուն մէջ իրեն ու բոլոր թեմի հաւատացեալներուն եւ ննջեցեալին ընտանեկան պարագաներուն կը յայտնէ իր մօտկութիւնը վերյիշելով ''սիրելի եղբայրը որ ուրախութեամբ ծառայեց աւետարանին ու սիրեց Եկեղեցին''։
Հեռագիրին մէջ Սրբազան Հայրը նշեց Կարտինալ Չէ-ին նուիրական անխոնջ գործունէութիւնը, ըլլայ որպէս Քրէմայի եպիսկոպոս, ըլլայ որպէս Պոլոնիայի օգնական եպիսկոպոս, ըլլայ որպէս Ացիոնէ Քաթթոլիքայի առաջնորդ եւ ըլլայ որպէս Վենետիկի պատրիարք։
''Աղօթք կը բարձրացնեմ առ Աստուած որպէսզի Սուրբ Աստուածածնայ բարեխօսութեամբ ընկալէ իր հաւատարիմ ծառան եւ տիպար Հովիւը Երկնային Երուսաղէմին մէջ''։ Գրեց Քահանայապետը իր հեռագիրին աւարտին իր առաքելական օրհնութիւնը տալով բոլոր անոնց որ այս պահուն կ՛ողբան Կարտինալ Զէի մահը։








All the contents on this site are copyrighted ©.